2016-11-06 10:31:00

Բանտարկեալներու Յոբելեանը` ''Միայն Աստուծոյ ուժը` ողորմութիւնը, կարող է բուժել որոշ վէրքեր''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 6 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց բանտարկեալներուն յոբելենական Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած 4 հազարէ աւելի բանտարկեալներ ու անոնց ընտանեկան պարագաներն ու բանտապահներ։ Բանտարկեալներէն ոմանք մաս կազմեցին խորանի ծառայող սպասաւորներուն եւ ուրիշներ միացան սրբազան արարողութեան երգեցողութիւնը ապահովող երգչախումբի անդամներուն։

Օրուան Աւետարանի ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները հաստատեց թէ ''Պատգամը զոր Աստուծոյ խօսքը կ՛ուզէ մեզի փոխանցել այսօր` վստահաբար Յոյսի պատգամն է''։ Ան ապա մեկնաբանեց Մակաբէացիներու երկրորդ գիրգէն քաղուած ընթերցուածը (Մակ Բ - 7,14) ու օրուան աւետարանը, ուր Յիսուս կը հաստատէ ''Աստուած մեռեալներու Աստուածը չէ այլ ողջերու. Որպէսզի բոլորը Անոր մէջ ապրին (Ղուկ Գլ 20, 38)''։ Այս խօսքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կը բացայայտէ Հօր իսկական դիմագիծը որ իր զաւակներուն համար կը փափաքի միայն կեանք։

Յոյսը Աստուածային պարգեւ մըն է։ Ան զետեղուած է ամէն մարդու սրտի խորքին մէջ, որպէսզի իր լոյսով լուսաւորէ ներկան, որ յաճախ մթագնած է ու խռովութեան ենթարկուած է,­ բազմաթիւ տխուր ու ցաւալի կացութիւններու պատճառաւ։  Մենք միշտ պէտք ունինք աւելի զօրեղ դարձնելու մեր յոյսի արմատները, որպէսզի պտուղ տան ու այս առընչութեամբ վստահութիւն ունենալու ենք Աստուած գթութեան ներկայութեան վրայ`հակառակ բոլոր մեր գործած չարիքներուն։ Չկայ վայր մը մեր սրտին մէջ ուր Աստուծոյ սէրը կարող չէ թափանցել։  Այնտեղ ուր կայ անձ մը որ սխալած է այնտեղ աւելիով ներկայ է Հօր Ողորմածութիւնը, որ ապաշխարութիւն, ներում ու հաշտութիւն կը յարուցէ։

''Այսօր կը տօնախմբենք Ողորմութեան Յոբելեանը ձեզի հետ ու ձեզի համար սիրելի բանտարկեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով թէ օրէնքի խախտումը կը յառաջացնէ դատապարտութիւն­, եւ թէ ազատութենէ զրկուիլը ամենախիստ պատիժն է, որովհետեւ կը դպչի անհատի ներքինին։ Ասով հանդերձ սակայն, յոյսը պէտք չէ պակսի որովհետեւ մեր սիրտը միշտ բարին կը յուսայ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն ուր առաքեալը կը հաստատէ թէ ''մեր Աստուածը Յոյսի Աստուած է''։ Կը նմանի առակի այն հօր որ միշտ յոյսի մէջ է ու կը սպասէ իր զաւկին վերադարձը - ըսաւ Սրբազան Պապը։ Աստուծոյ համար չկայ ոչ հանգիստ եւ ոչ ալ դադար մինչեւ որ չի վերագտնէ իր կորսուած ոչխարը։ Եթէ ուրեմն Աստուած նոյնինքն կը յուսայ, յոյսը կարելի չէ խլել եւ ոչ մէկէն, որովհետեւ ան ուժն է որով յառաջ կ՛ընթանանք։ Յոյսը Աստուծոյ ողորմութեան ներքին ուժն է որ մեզմէ կը պահանջէ նայիլ դէպի առաջ ու հաւաքով ու Անոր վստահելով յաղթել չարին ու մեղքին հրապոյրին։

Սիրելի բանտարկեալներ, այսօր ձեր Յոբելեանի օրն է։ Թող որ այսօր Տիրոջ դիմաց ձեր յոյսը վառի հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''յոբելեանը իր բնոյթով իր հետ կը բերէ ազատութեան պատգամը''։  

Ինձմէ կախեալ չէ զայն շնորհել ձեզի, սակայն ձեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ իսկական ազատութեան իղձը արթնցնելը` պարտականութիւն մըն է որմէ Եկեղեցին կարող չէ զիջիլ շեշտեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ ինչպէս  շատ անգամ` որոշ կեղծաւորութիւն մը կը մղէ մարդիկը բանտարկեալներուն մէջ տեսնելու միայն անձինք որոնք սխալ գործեցին ու թէ այդ սխալներու միակ ճանապարհը բանտն է։ Սակայն չեն մտածեր այն մասին թէ կարելի է փոխել ապրելակերպը եւ ընթացքը ու կը մոռնան թէ մենք ամէնքս մեղաւորներ ենք ու յաճախ անգիտակից բանտարկեալներ։

''Աստուծոյ առջեւ ոչ մէկը կարող է ինքզինք արդար նկատել ու միեւնոյն ատեն ոչ մէկը կարող է ապրիլ առանց այն վստահութեան` թէ կարող է գտնել ներում'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին հետ խաչուած չարագործին որ Յիսուսին շնորհիւ արժանացաւ երկնքի արքայութեան։ Ոչ մէկը փակուած կը մնայ իր անցեալին մէջ, թէեւ անցեալի պատմութիւնը կարելի չէ վերստին գրել` հարկաւոր է նայիլ ապագային ու ապագան տակաւին ամբողջութեամբ պէտք է շարադրուի` Աստուծոյ շնորհքով ու ձեր պատասխանատուութեամբ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց սորվիլ սխալներէն, կեանքի մէջ նոր հանգրուան մը սկսելու համար։

''Աստուած աւելի մեծ է մեր սրտերէն ու վստահելու ենք Անոր անհուն ողորմածութեան'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով թէ Միայն Աստուծոյ ուժը`  ողորմութիւնը կարող է բուժել որոշ վէրքեր

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը հայցելով. Ան­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը­, իր Մայրական հայեացքը կ՛ուղղէ մեզմէ ամէն մէկուն, թող որ ձեր սրտերուն մէջ ողողէ նոր կեանքի յոյսի ուժը, կեանք` որ կարելի ըլլայ ապրիլ լիակատար ազատութեամբ ուրիշին ծառայութեան մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.